2015-02-03 08:24:55

Միացեալ Նահանգներ յատկացուցին 8,8 միլիառ տոլար` ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պատերազմի համար։


Նինուէ նահանգին մէջ բժշկական աղբիւրներ կը հաղորդեն, թէ Ահաբեկչութեան դէմ միջազգային դաշինքի օդուժը ռմբակոծած է Մուսուլի հարաւային շրջաններէն մէկուն մէջ ՏԱՀԵՇ խմբաւորման մարզումի կեդրոններէն մէկը: Ռմբակոծումը պատճառ դարձաւ 9 ղեկավարներու սպանութեան, մեծամասնութիւնը` արաբական եւ օտար քաղաքացիութիւն կրողներ: Բժշկական աղբիւրները աւելցուցին, որ «սպաննուած ղեկավարները ժողով մը կը գումարէին»: Միւս կողմէ, «Սքայ Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ միջազգային դաշինքը գործած է օդուժի 27 հարուած` Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ խմբաւորման կեդրոններուն դէմ:
Նշենք նաեւ, որ երէկ ամերիկեան իշխանութիւնները յատկացուցին 8,8 միլիառ տոլար` Իրաքի օգնութեան եւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պատերազմին համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.